Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյման եւ ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի ակումբին գրասենեակին մէջ ընդունեցին Մապարրա ֆութպոլի ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր նախագահին` Ժաաֆար Աքիլի եւ այլ անդամներու:
Երկու կողմերը քննարկեցին լիբանանեան ֆութպոլին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ համաձայնեցան իրենց համագործակցութիւնը շարունակել եւ միշտ աշխատիլ ի խնդիր Լիբանանի ֆութպոլի շահերուն:
Մապարրայի պատուիրակութիւնը հանդիպումին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ահտի` այս սիրալիր ընդունելութեան համար:
Մապարրա, որ նախապէս հանդիպում մը ունեցած էր Նըժմէի հետ, պիտի շարունակէ իր այս հանդիպումներու շարքը` տեսակցելով նաեւ Անսարի, Նեպի Շիթի, Ռասինկի եւ մնացեալ ակումբներուն հետ: