«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը, երբ 100-93 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆէոնիքս Սանզի դաշտէն, հակառակ անոր որ Սանզէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 36 կէտ: Լէյքըրզէն Ճորտըն Քլարքսոն նշանակեց 25 կէտ:
Նիւ Եորքի մէջ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ 104-101 արդիւնքով յաղթեց Նիքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 23 կէտ, մինչ Թիմ Հարտըուէյ (Նիքս)` 28 կէտ:
Ցարդ միայն երկու յաղթանակ արձանագրած Աթլանթա Հոքս Նիւ Օրլինզէն կրեց իր 12-րդ պարտութիւնը` կէտի մը տարբերութեամբ (106-105):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 110-92 |
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 101-104 |
Միլուոքի Պաքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 110-103 |
Նիւ Օրլինզ – Աթլանթա Հոքս | 106-105 |
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 93-100 |
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 98-109 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց | 99-82 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 110-100 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 105-109 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պրուքլին Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ