Նախորդ շաբաթավերջին Սոչիի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի սամպոյի ախոյեանութիւնը:
52 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գրիգոր Մխիթարեան դարձաւ ոսկի մետալակիր` աւարտականին 7-0 արդիւնքով յաղթելով Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչին:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), որ յաղթեց Մոնկոլիոյ ներկայացուցիչին` 5-1 արդիւնքով:
Թէեւ Վաչիկ Վարդանեան հասաւ աւարտականին, սակայն 9-0 արդիւնքով պարտուելով իր ռուս մրցակիցէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Պրոնզէ մետալակիր դարձան Մաքսիմ Մանուկեան (57 քկ) եւ Արսէն Խանջեան (100 քկ):
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 93 երկիրներէ հազար մարզիկներ:
Խմբային դասաւորման մէջ, Ռուսիա գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով 24 մետալի (17 ոսկի, 3 արծաթ եւ 4 պրոնզ):
Հայաստան Սոչի մեկնած էր մարզիկով: