Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ճիամփիերօ Վենթուրայի ապագան կրնայ վճռուիլ այսօր, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարէ յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ ու գնահատէ անոր աշխատանքը եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ունեցած խաղարկութիւնը` 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:
Ֆետերասիոնին նախագահը` Քարլօ Թաւեքիօ ըսաւ. «Մենք կը ցաւինք եւ հիասթափուած ենք, որ 2018-ի մոնտիալին տոմս մը չկրցանք ապահովել: Ասիկա մարզական տապալում մըն է: Պէտք է միասնաբար ժողով մը գումարենք, այս գծով կատարենք մանրակրկիտ վերլուծում մը եւ տանք մեր որոշումը»:
Իտալական հանրածանօթ «Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթին համաձայն, ներկայիս կը գտնուին նոր մարզիչի չորս թեկնածուներ, որոնցմէ մէկը պիտի փոխարինէ Վենթուրան:
Այդ չորսն են. Քարլօ Անչելոթթի, Անթոնիօ Քոնթէ, Մասիմիլիանօ Ալլեկրի եւ Ռոպերթօ Մանչինի: