Յաջորդաբար չորրորդ անգամ ըլլալով, Աւստրալիա ապահովեց մոնտիալի իր տոմսը, երբ 2018-ի մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներուն իր կատարած դարձի ճակատումին իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Հոնտուրասին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով:
Աւստրալիա իր երկու կոլերը նշանակեց փենալթիով` շնորհիւ Մայլ Ժետինաքի:
Այսպիսով, Աւստրալիա հանդիսացաւ 31-րդ եւ նախավերջին խումբը, որ կը հասնի աւարտական հանգրուան:
Վերջին խումբը պիտի ըլլայ Փերու – Նոր Զելանտա մրցումին յաղթականը: