«Սփոր Էվազիոն»-ի կազմակերպած մինի ֆութպոլի 9-րդ մրցաշարքը` ընկերութիւններու միջեւ, աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, «Սթատիում» մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ):
Աւարտական մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով համակիրներ, «Աուտէ» դրամատունը 7-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ» դրամատան, տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտին յաղթական խումբը իր բաժակը ստացաւ կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Պասսամ Թըրքէն: