Անսար ֆութպոլի կրտսերներու խումբը (2001-2002-ի ծնունդ) տիրացաւ Հուփսի կազմակերպած մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտականին յաղթեց Ահտի` 3-2 արդիւնքով: Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հուփսի Պէյրութի մարզադաշտին վրայ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ խումբերը.
Ահտ, Նըժմէ, Անսար, Սալամ Զղարթա, Շապապ Սահել, Աթլեթիքօ, Ատվանս Սաքըր Աքատեմի եւ Հուփս:
Աւարտական մրցումէն ետք, յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյէն: