Մարզական

Պասքեթպոլ. Իրաւարարներ Էկօ, Նըժէյմ Եւ Սըքայեմ Պիտի Սուլեն Ասիոյ Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումներուն

Մարուան Էկօ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց անունները այն իրաւարարներուն, որոնք պիտի սուլեն յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Լիբանանէն նկատի առնուած են երեք իրաւարարներ, որոնք բնականաբար պիտի սուլեն իբրեւ գլխաւոր իրաւարարներ: Մարուան Էկօ` պիտի ըլլայ Իրաք - Իրան եւ Ղազախստան - Իրաք մրցումներուն իրաւարարը, Ռապահ Նըժէյմ` Քաթար - Ղազախստան մրցումին իրաւարարը, իսկ Փոլ Սքայեմ`...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Կիպրոս

Լիբանանէն փինկ փոնկի պատուիրակութիւն մը երէկ մեկնեցաւ Նիկոսիա (Կիպրոս)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Կիպրոսի փինկ փոնկի միջազգային մրցաշարքին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի Ֆետերասիոնի հաշուապահ Միշել Ռըզքալլա, ֆետերասիոնի անդամ Նաժի Հալլալ պատասխանատուն է, իսկ մարզիկներն են Ղալեպ Ֆահըս, Հասան Շըպիպ, Ալեք Տըրզի, Լեթիսիա Ազար, Ճենիֆըր Խայեաթ, Քլարա Շըլելա (18 տարեկանէն վար), Սաատէտտին Հապաշ, Մոհամետ Հապաշ, Թալիա Ազար եւ...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ կարգ մը որոշումներ: Նախ եւ առաջ ֆետերասիոնը պիտի հովանաւորէ եւ հսկէ Լուպնան - Շապապ կազմակերպութեան կատարելիք մրցումին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Լիբանանի անկախութեան տօնին եւ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Քապրըշմուն եւ Համմանա գիւղերուն միջեւ (30 քմ): Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 19 նոյեմբերին, Մարինա -...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին. Սերժ Չոլաքեան Հանդիսացաւ Առաջին, Իսկ Նարեկ Փանոսեան Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

                         Նարեկ Փանոսեան                                                      Սերժ Չոլաքեան  Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային աթլեթիզմի խումբէն 5 մարզիկներ, որոնք իրենց շարունակական եւ յարատեւ փորձերուն շնորհիւ յաջողեցան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել, իրենք զիրենք փաստել եւ յաջողիլ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգել: 21 քիլոմեթրի 2002-2003 ծնունդ դասակարգին մէջ, Սերժ Չոլաքեան խլեց առաջնութիւնը` արձանագրելով 1 ժամ 42' 06" արդիւնք մը: Իր կարգին,...

Պէյրութի Միջազգային 15-րդ Մարաթոնին. Լիբանանցի Կոյր Վազողը Պատմութիւն Կերտեց

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 12 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնը: Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մարաթոնին լիբանանցի 31 տարեկան կոյր վազող Ռապիհ Ժամմալ յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ, գլխաւոր մարաթոնին (42 քմ) վազեց` ընկերակցութեամբ` Մարի Քլեյանիի: «14 տարիէ ի վեր կ՛երազէի այս փափաքս իրականացնել: Վերջապէս, 15-րդ տարին յաջողեցայ երազս ի վերջոյ յաջողցնել», ըսաւ Ժամմալ` «Տէյլի Սթար»-ին հետ...

Սփորթց-Մանիա. 16 Խումբեր Կը Մասնակցին Պանքոյի Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, «Սփորթց Աւենիու»-ի դաշտերուն վրայ (Հազմիէ) սկսաւ Պանքոյի մինի ֆութպոլի մրցաշարքը` 16 ընկերութիւններու եւ դրամատուներու միջեւ: Այդ 16 խումբերը, որոնք բաժնուեցան չորս խմբակի, հետեւեալներն են. «Ֆըրսթ Նեշընըլ», «Քրետիթ», «Իհթիմատ Լուպնանի», «Ֆրանսապանք», «Սոսիեթէ Ժեներալ» (դրամատուներ), «Էֆ. Թիմ.», «Էռնեսթ Էնտ Եանկ», «Լիպան Քապըլ», «Ալֆա», «Աութ-տոր», «Միթսուլիֆթ», «Էմ. Թի. Վի.», «Էլիանես Սանա», «Անիուն Կորիթիմ», «Ֆիթնըս Զոն» եւ «Խուրի Ինթըրփրայզ» (ընկերութիւններ): Մրցումները...

Զահրաա Մինայի Տարեկան Ընթրիքի Երեկոն

Լիբանանի վոլիպոլի նախկին ախոյեան Զահրաա Մինա, Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին նախօրեակին կազմակերպեց իր տարեկան ընթրիքի երեկոն` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու: Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն ընթացքին անդրադարձ մը կատարուեցաւ 1950-ին հիմնուած ակումբին գործունէութիւններուն: Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան տարբեր անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիային:  

2018-ի Մոնտիալ. Փերու Հանդիսացաւ Վերջին Խումբը, Որ Ապահովեց Ռուսիոյ Իր Տոմսը

2018-ի մոնտիալին մասնակցող վերջին խումբը հանդիսացաւ Փերու, որ Նոր Զելանտայի դէմ իր կատարած փլէյ-օֆի մրցումին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լիմայի մէջ: Երկու կազմերուն միջեւ երթին արձանագրուեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Փերուի մարզիկները իրենց արձանագրած այս յաղթանակէն ետք կատարեցին մեծ տօնախմբութիւն` նկատի ունենալով, որ խումբը վերջին անգամ մոնտիալին մասնակցած էր 1982-ին: Այլ գետնի վրայ, Փերուի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կը խոստանայ...

2018-ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

2018-ի Մոնտիալ. Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մասնակցող 32 Խումբերը

Յառաջիկայ 1 դեկտեմբերին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք` Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ, 14 յունիսէն` 15 յուլիս, ռուսական 11 քաղաքներուն մէջ: Ստորեւ` կը ներկայացնենք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող 32 խումբերը, ըստ իրենց գտնուած զամբիւղներուն: Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Ռուսիա, Գերմանիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Արժանթին, Պելճիքա, Լեհաստան եւ Ֆրանսա: Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Սպանիա, Փերու, Զուիցերիա, Անգլիա, Քոլոմպիա,...

Ֆետերեր` Առաջին Դիրքին Վրայ

Զուիցերիայի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր, տարուան ամփոփիչ մրցաշարքին իր արձանագրած երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացին իր պարգեւավճարներուն ընդհանուր գումարը հասցուց 110 միլիոն 235 հազար 682 միլիոն ամերիկեան տոլարի եւ անհատական մարզաձեւերուն մէջ այս ցուցանիշով բարձրացաւ առաջին դիրք` գերազանցելով կոլֆի վարպետ Թայկըր Վուտծը, որ շահած է 110 միլիոն 61 հազար 12 ամերիկեան տոլար: Ֆետերեր 1998-էն ի վեր կը մասնակցի «Էյ....

«Էն. Պի. Էյ.». Աթլանթա Հոքս Ծանր Պարտութեան Մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը (126-80)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 11 մրցումներ: Մեծագոյն յաղթանակը եղաւ Աթլանթա Հոքս, որ իր դաշտին վրայ 126-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Ժոէլ Էմպիիտ Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (46) նշանակեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի մարզիկ Ժոել Էմպիիտ, երբ անոր կազմը 115-109 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Աթլանթա Հոքս - Սաքրամենթօ Քինկզ 126-80 Մայեմի...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին, քննարկելէ ետք երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին արձանագրած արդիւնքները, որոշեց պաշտօնազրկել մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրան, որ չկրցաւ իր կազմը հասցնել 2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն: Վենթուրա, որ Իտալիոյ մարզիչի իր պաշտօնը ստանձնեց 2016-ին, 17 մրցումի ընթացքին անոր հետ արձանագրեց 10 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 3 պարտութիւն: Այսպիսով, Իտալիա 60 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի...

Եիւրկըն Քլոփ Տեղափոխուեցաւ Հիւանդանոց

Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կազմին կատարած փորձերուն ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգացած է եւ այդ պատճառով ալ փոխադրուած է հիւանդանոց: Ան հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած է յատուկ քննութիւններու, որպէսզի յստականայ, թէ արդեօք ունի՞ առողջական որեւէ հարց: Նշուեցաւ, որ 50 տարեկան մարզիչը ներկայ պիտի ըլլայ այս շաբաթավերջին Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Փրեմիեր...

Մասքերանօ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնային մաս կազմող միջնապահ Խաւիէ Մասքերանօ, որ Արժանթին - Նիկերիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին վիրաւորուեցաւ, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան պիտի բացակայի «Լա լիկա»-ի ծիրին մէջ հետեւեալ չորս խումբերուն դէմ կատարուելիք մրցումներէն. Լեկանես (18 նոյեմբեր), Վալենսիա (26 նոյեմբեր), Սելթա Վիկօ (3 դեկտեմբեր) եւ Վիարէալ (10 դեկտեմբեր):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Դասաւորումը` 6-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող 10 խումբերը ցարդ կատարած են 6-ական մրցում: Մինչեւ հիմա անպարտելի Շանվիլ կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ վերջին դիրքը գրաւող Թատամոն ցարդ յաղթանակէ զուրկ է: ՀՄԸՄ-ի կազմը նշանակած է ամէնէն շատ կէտը (537), մինչ ամէնէն շատ կէտ ստացող խումբն է Անթունիէ (541): Ստորեւ դասաւորման պատկերը` 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք. ՄՐՑ. Յ. Պ. ԿԷՏ 1.- Շանվիլ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր շաբաթական ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն, բացի Մազեն Քպէյսիէն (ճամբորդած ըլլալուն պատճառով): Ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ ապահովեց Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքի իր տոմսը` առաջին անգամ ըլլալով: Քննարկելէ ետք Մոհամետ Ասսասի (ՀՄԸՄ) ստացած կախակայումի վճիռը` ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ան փոխան երկուքի կը կախակայուի միայն մէկ մրցումով` 5 նոյեմբեր 2017-էն սկսեալ:...

Բազմաթիւ Հրաւիրեալներու Մասնակցութեամբ.  Էներժի Ակումբը Կատարեց Տարեկան Իր Առաջին Ընթրիքի Երեկոն

Բազմաթիւ Հրաւիրեալներու Մասնակցութեամբ. Էներժի Ակումբը Կատարեց Տարեկան Իր Առաջին Ընթրիքի Երեկոն

Զուքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Էներժի ակումբը կատարեց տարեկան իր առաջին ընթրիքի երեկոն` բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական պատասխանատուներու ներկայութեան: Անոր ներկայ գտնուեցան Զուքի քաղաքապետ Էլի Պաայնօ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ ֆետերասիոնին այլ անդամները, հոգեւորականներ եւ մարզական պատասխանատուներ, տարբեր քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: Շարպել Ռըզք խօսք առնելով ըսաւ. «Կը շնորհաւորենք Էներժի ակումբի նախագահ...

Ֆութպոլ. Ասիա-2019-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Այլ Յաղթանակով Մը Կը Վերադառնայ Հոնկ Քոնկէն

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այլ յաղթանակով մը կը վերադառնայ Հոնկ Քոնկէն, ուր արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Լիբանան իր միակ կոլը նշանակեց 40-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Հասան Մաաթուքի (փենալթիով)` այսպիսով 13-ի բարձրացնելով իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը Բ. խմբակին մէջ: Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Լիբանան արդէն...

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանը Կը Մասնակցի Աշխարհի Համալսարաններու Ախոյեանութեան

15-19 նոյեմբերին Պարսելոնայի մէջ տեղի կ՛ունենայ համալսարաններու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 82 երկիրներու 76 համալսարաններ: Այդ համալսարաններուն կարգին է նաեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը, որ Պարսելոնայի մէջ պիտի ըլլայ Լիբանանի միակ ներկայացուցիչը: Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն մասնակցողներուն ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 5200 մարզիկ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանը պիտի մասնակցի հետեւեալ մարզաձեւերուն. պասքեթպոլ (տղաք), ֆութսալ (աղջիկներ), վոլիպոլ...

21 Նոյեմբերին Մամլոյ Ասուլիս` 2017-ի Դպրոցական Մարզական Ախոյեանութեան Վերաբերեալ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ռապիէ Քլապին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին մանրամասնութիւններ` մօտիկ ապագային կատարուելիք 2017-ի դպրոցական մարզական ախոյեանութեան վերաբերեալ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն ընդհանուր քարտուղարները: Վերոնշեալ համալսարանին անունը կրող այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին շուրջ...

Page 904 of 1278 1 … 903 904 905 … 1,278

Արխիւներ