«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի տեղական մարմնին կազմակերպած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Թորոնթոյի մէջ ապրող աւելի քան 400 քանատահայեր մասնակցեցան նուիրատուութեան` հանգանակելով 530 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աճուրդ: Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մարզաշապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ամերիկեան տոլարով:
Այս ձեռնարկը նուիրուած էր Քանատայի 150-ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ստեղծման 25-ամեակին:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող թելեթոնին, 23 նոյեմբերին քանատահայերը իրենց հանգանակած այդ 530 հազար ամերիկեան տոլարի գումարը պիտի նուիրեն հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող ծրագիրին: