Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Անտոնեան համալսարանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, համալսարանին մարզական բաժանմունքը գործակցութեան պայմանագիր մը պիտի կնքէ Ֆրանսայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Պայմանագիրի կնքումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Հայր Անթուան Ռաժեհ» սրահին մէջ (Հատաս, Պաապտա), կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին:
Անտոնեան համալսարանին նախագահն է հայր Միշել Ժալըֆ: