Աշխարհի թենիսի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած ամերիկացի Անտրէ Աղասի յայտարարեց, որ ներկայիս տղոց ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր բոլոր ժամանակներու լաւագոյն թենիսմենը չէ:
«Կարծիքովս, Ռաֆայէլ Նատալ աւելի լաւ է, որովհետեւ աւելի շատ յաղթանակներ ունի Ֆետերերի դէմ: Բայց եւ այնպէս, Ֆետերեր բացառիկ յատկութիւններ ունեցող սքանչելի մարզիկ մըն է: Անկասկած, անոր անունը երկար տարիներ պիտի յիշուի թենիսի պատմութեան մէջ», ըսաւ Աղասի: