Մարզական

Մասքերանոյին Կ՛առաջարկուի 7 Միլիոն Եւրօ` Չինաստանէն

Պարսելոնացի յետսապահ Խաւիէ Մասքերանոյի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, Չինաստանի ֆութպոլի գերլիկայի կազմերէն Հեպէյ Չայնա Ֆորչուն կ՛առաջարկէ տարեկան 7 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, այս մասին կը հաղորդէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Իսկ անոր փոխանցման համար անիկա Պարսելոնային պատրաստ է վճարելու 6 միլիոն եւրօ: Կը նշուի սակայն, որ Պարսելոնա իր մարզիկը ազատ ձգելու համար նուազագոյնը 10 միլիոն եւրօ կը պահանջէ: 2018-ի մոնտիալին ընդառաջ, արժանթինցին ամէն...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Հինգ Հայեր Ստացան Իրենց Մրցանակները` 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութեան Ընթացքին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Հինգ Հայեր Ստացան Իրենց Մրցանակները` 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութեան Ընթացքին

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին եւ տարիներու իր սովորութեան համաձայն, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին առաջին երեք դիրքերը գրաւած վարորդներուն համար: Այս երեկոն կը վայելէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութիւնը, որուն ներկայացուցիչն էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ անձամբ ներկայ գտնուելով մասնակցեցաւ մրցանակաբաշխութեան, որուն ընթացքին հինգ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմին մրցակիցը պիտի ըլլայ Պէյրութը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, մրցումին ներկայ կրնան գտնուիլ միայն հիւրընկալ կազմին համակիրները, որոշում մը, որ քանի մը տարիէ ի վեր կը կիրարկուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, որպէսզի համակիրներուն...

«Լա-Լիկա».  Խոսէ Սանչես Մարթինես` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Իրաւարարը

«Լա-Լիկա». Խոսէ Սանչես Մարթինես` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Իրաւարարը

Սպանական «Մարքա»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուելիք Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Խոսէ Սանչես Մարթինես: Ան այս տարեշրջանին սկիզբը Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով սուլեց երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ Ռէալի յաղթանակով (2-0): Ան այս տարեշրջանին ընդամէնը սուլած է 7 մրցումի ընթացքին` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով, 27...

Լողարշաւ. Նաժահ Ակումբը Տիրացաւ 43 Մետալի` Քաթարի Մէջ

Նաժահ Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած լողարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ 43 մետալի (24 ոսկի, 8 արծաթ եւ 11 պրոնզ): Այդ մետալներուն տիրանալէ բացի, վերոնշեալ ակումբին մաս կազմող լողորդները լիբանանեան 9 նոր մրցանիշներ հաստատեցին: Անոնց մարզիչն է լիբանանցի փորձառու եւ անուանի մարզիչ Մոհամետ Սաքր:

«Էն. Պի. Էյ.».  Սելթիքսի` 24-րդ, Իսկ Ռոքեթցի` 22-րդ Յաղթանակները

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքսի` 24-րդ, Իսկ Ռոքեթցի` 22-րդ Յաղթանակները

Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ինը ճակատումներ: Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 24-րդ յաղթանակը, երբ 124-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Տենվըր Նակեթցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 33 կէտ: Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Հիուսթըն Ռոքեթց արձանագրեց իր 22-րդ յաղթանակը` 108-96 արդիւնքով, իր հիւրին` Շարլոթ...

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ Աւարտականին Կը Մրցի Կրեմիոյի Դէմ

Շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին սպանական Ռէալ Մատրիտն ու պրազիլական Կրեմիոն: Արքայական ակումբը աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` պարտութեան մատնելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբը` Ժազիրան: Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Կալեսցի Կերըթ Պէյլ նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Իր նշանակած այս երկու կոլերով, Ռէալ Մատրիտ...

16 Տարեկան Ֆութպոլիստ Մը Մահացաւ Մրցումին Ընթացքին

Իրլանտական Շելպուրն ակումբի երիտասարդական խումբի ֆութպոլիստ Իզի Տեզու, իր կազմին կատարած մրցումին ընթացքին իր գիտակցութիւնը կորսնցնելէ ետք մահացաւ, յայտնեց իրլանտական մամուլը: Թէեւ 16 տարեկան ֆութպոլիստը փոխադրեցին հիւանդանոց, սակայն ան գիտակցութեան չգալով մահացաւ: Անոր ակումբն ու Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեցին ֆութպոլիստի ընտանիքին:  

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Խաշմանեանի Հետ

Ալաշկերտի նախագահ Բագրատ Նաւոյեանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, խումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 1 օգոստոս 2019 մնալ կազմին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Խաշմանեան ըսաւ, որ այս հանդիպումը եղաւ բաւական դրական, որուն հիման վրայ ինք երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:

2018-ի Մոնտիալ. Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կողմնորոշուեցաւ Պարգեւավճարներու Հարցով

Իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց պարգեւավճարները` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին գծով: Աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանելու համար, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 350 հազարական եւրօ: Քառորդ աւարտականին հասնելու պարագային, անոնք պիտի ստանան 75 հազարական եւրօ, կիսաւարտականի պարագային` 75 հազարական, իսկ աւարտական հասնելու պարագային` 200 հազարական եւրօ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն, Գերմանիոյ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Իր Յաջորդ Երկու Մրցումները Պիտի Կատարէ Դռնփակ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Անսար ախոյեանութեան գծով իր յաջորդ երկու մրցումները պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն: Անսարի դէմ այս պատիժը տնօրինուեցաւ նկատի ունենալով, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով անոր համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել արարքներ` Շապապ Արապիի դէմ (շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, Ահտի դաշտին վրայ):  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կոչ Կ՛ուղղէ Քուէարկելու Ի Նպաստ Մխիթարեանին

  Սահմանուած նոր կանոնագիրին համաձայն, Հայաստանի լաւագոյն մարզիկները պիտի ընտրուին մարզական արտօնագիր ունեցող լրագրողներուն կողմէ եւ «Էս. էմ. Էս.»-ի (1006) քուէարկութեան միջոցով, որուն կրնան մասնակցիլ բոլորը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած 2017-ի «տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ» մրցանակին մասնակցող մարզիկներու ցանկին մէջ է: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց քուէարկելու ի...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Հնդիկներէն

Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 16 տարեկանէն վար համաշխարհային ողիմպիական 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ ճակատեցաւ Հնդկաստանի երեք խումբերէն Կրինի դէմ, պարտութիւն մը կրեց 2,5-1,5 արդիւնքով: Առաջին խաղատախտակին վրայ Արամ Յակոբեան ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց, երկրորդ խաղատախտակին վրայ Շանթ Սարգսեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Դաւիթ Միրզոյեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան պարտուեցան: Այժմ հայրենի կազմը խմբային դասաւորման մէջ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 32 Մետալի

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Հունգարիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ախոյեանութեան, որուն մասնակցեցան 25 երկիրներ: Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ 32 մետալներու, որոնցմէ 11-ը ոսկի էին, 12-ը` արծաթ, իսկ 8-ն` պրոնզ: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:  

Մարմնամարզութեան Ֆետերասիոն. Նատիրա Մունիր Ֆաուազ Ընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Նոր Նախագահ

Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Մաքքի գերխճողուած ըլլալուն պատճառով եւ չկարենալով կատարել իր պաշտօնը, ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ֆետերասիոնի վարչութեան անդամներուն կողմէ: Անոր փոխարէն ֆետերասիոնի նոր նախագահ նշանակուեցաւ Նատիրա Մունիր Ֆաուազ: Ստորեւ ֆետերասիոնի վարչութեան նոր կազմը, որ վաւերացուեցաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ. Նատերա Մունիր Ֆաուազ (նախագահ), Մոհամետ Ատնան Մաքքի (փոխնախագահ), Ղասսան Մոհամետ Պաշիր Մաժըտ (ընդհանուր քարտուղար), Մոհամետ...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Դարձեալ Յաղթեց. Լեպրոն Ճէյմս Կրկնեց Իր Անձնական Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլանթա Հոքսը, 123-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Վերջին 16 մրցումներուն, այս յաղթանակը փոխախոյեանին համար եղաւ 15-րդը: Լեպրոն Ճէյմս Ճիմի Պաթլըր Լեպրոն Ճէյմս, որ Քլիվլենտի կազմին հետ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 17 էսիսթ), կրկնեց իր անձնական մրցանիշը, որ փետրուար 2017-ին Ուաշինկթըն...

“IFFHS”. Մխիթարեան` Աշխարհի 20 Լաւագոյն Փլէյմէյքըրներուն Շարքին

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը ("IFFHS") հրապարակեց 2017-ի լաւագոյն 20 փլէյմէյքըրներուն ցանկը: Այդ 20-ին մէջ է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 3 կէտով կը գտնուի 17-րդ դիրքին վրայ: Առաջին դիրքին վրայ 247 կէտով կը գտնուի Լիոնել Մեսսի (Արժանթին, Պարսելոնա), իսկ երկրորդ դիրքը 90 կէտով կը գրաւէ Թորի Քրուս (Գերմանիա, Ռէալ Մատրիտ): Լաւագոյն...

Սքոլարի Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Աւստրալիոյ Ֆութպոլի Մարզիչ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններու սկսած է պարզիլցի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարիի հետ, որպէսզի ստանձնէ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը: Թէեւ Անկելոս Փոսթեքոկլուս Աւստրալիոյ հետ լաւ արդիւնքներ արձանագրելով անոր 2018-ի Մոնտիալի տոմս մը ապահովեց, սակայն որոշեց ներկայացնել իր հրաժարականը եւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներուն չմասնակցիլ: Սքոլարիի մարզած վերջին խումբը եղաւ չինական Կուանկժուն:

Նիքիթա Սիմոնեան. «Մխիթարեան Շուտով Պիտի Գտնէ Իր Նոր Ակումբը»

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շուտով պիտի գտնէ իր նոր ակումբը, որովհետեւ հայրենի ֆութպոլիստին եւ անգլիական ակումբին միջեւ բաժանումը շատ շուտով կատարուած իրողութեան պիտի վերածուի: Մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին անկասկած յայտնի պիտի ըլլայ Մխիթարեանի նոր ակումբը, ուր ան պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էներժի` 80-44

Լուսանկարը ՏրամադրեցՃՕ ՇԱՄԱԱ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Էներժին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 80-44 արդիւնքով (20-9, 20-7, 20-12 եւ 20-16): ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Փաթրիք Սապա դաշտ ներկայացուց գրեթէ իր բոլոր մարզիկներն ալ եւ իր օտար...

Page 894 of 1278 1 … 893 894 895 … 1,278

Արխիւներ