«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլանթա Հոքսը, 123-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Վերջին 16 մրցումներուն, այս յաղթանակը փոխախոյեանին համար եղաւ 15-րդը:


Լեպրոն Ճէյմս, որ Քլիվլենտի կազմին հետ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 17 էսիսթ), կրկնեց իր անձնական մրցանիշը, որ փետրուար 2017-ին Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ մրցումին արձանագրած էր:
Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 38 կէտ, սակայն անոր կազմը` Մինեսոթա Վուլվզ, երկարաձգումէն ետք 118-112 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն:
Նիւ Եորք Նիքս, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, երկարաձգումէն ետք միայն կրցաւ յաղթել անոր` 113-109 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քրիսթափս Փորզինկիս նշանակեց 37 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս | 123-114 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տենվըր Նակեթց | 84-103 |
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 113-109 |
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 103-98 |
Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 95-89 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 112-118 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 99-92 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օքլահոմա Սիթի
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Պոսթըն Սելթիքս – Տենվըր Նակեթց
Մայեմի Հիթ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Եութա Ճեզ
Նիւ Օրլինզ – Միլուոքի Պաքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց