Պարսելոնացի յետսապահ Խաւիէ Մասքերանոյի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, Չինաստանի ֆութպոլի գերլիկայի կազմերէն Հեպէյ Չայնա Ֆորչուն կ՛առաջարկէ տարեկան 7 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, այս մասին կը հաղորդէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Իսկ անոր փոխանցման համար անիկա Պարսելոնային պատրաստ է վճարելու 6 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի սակայն, որ Պարսելոնա իր մարզիկը ազատ ձգելու համար նուազագոյնը 10 միլիոն եւրօ կը պահանջէ:
2018-ի մոնտիալին ընդառաջ, արժանթինցին ամէն գնով կ՛ուզէ փոխել իր ակումբը: