Ալաշկերտի նախագահ Բագրատ Նաւոյեանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, խումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 1 օգոստոս 2019 մնալ կազմին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Խաշմանեան ըսաւ, որ այս հանդիպումը եղաւ բաւական դրական, որուն հիման վրայ ինք երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: