Շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին սպանական Ռէալ Մատրիտն ու պրազիլական Կրեմիոն:
Արքայական ակումբը աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` պարտութեան մատնելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբը` Ժազիրան: Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Կալեսցի Կերըթ Պէյլ նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Իր նշանակած այս երկու կոլերով, Ռէալ Մատրիտ հաւասարեցաւ Պարսելոնային: Երկու խումբերն ալ նշանակած են 6-ական կոլ:
Ատկէ բացի, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ռոնալտօ իր նշանակած վեց կոլերուն շնորհիւ դարձաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուն: