Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 16 տարեկանէն վար համաշխարհային ողիմպիական 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ ճակատեցաւ Հնդկաստանի երեք խումբերէն Կրինի դէմ, պարտութիւն մը կրեց 2,5-1,5 արդիւնքով:
Առաջին խաղատախտակին վրայ Արամ Յակոբեան ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց, երկրորդ խաղատախտակին վրայ Շանթ Սարգսեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Դաւիթ Միրզոյեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան պարտուեցան:
Այժմ հայրենի կազմը խմբային դասաւորման մէջ 4 կէտով կը բաժնէ 5-էն 14-րդ դիրքերը: Յառաջատարներն են Ռուսիան եւ Հնդկաստանի կրին խումբը` 6-ական կէտով:
Իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն, Հայաստան յաջորդաբար յաղթեց Սրի Լանքային (4-0) եւ Իսրայէլին (3-1):
4-րդ հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցն է Իրան: