Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Հինգ Հայեր Ստացան Իրենց Մրցանակները` 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութեան Ընթացքին

December 15, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին եւ տարիներու իր սովորութեան համաձայն, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին առաջին երեք դիրքերը գրաւած վարորդներուն համար:

Այս երեկոն կը վայելէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութիւնը, որուն ներկայացուցիչն էր ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ անձամբ ներկայ գտնուելով մասնակցեցաւ մրցանակաբաշխութեան, որուն ընթացքին հինգ հայեր ստացան իրենց մրցանակները:

Իրենց խօսքերուն մէջ, նախարարը եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախագահ Ֆուատ Խազեն շնորհաւորեցին բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ` 2018-ին տեղի ունենալիք այլ ախոյեանութիւններուն գծով:

Իսկ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կողմէ կազմակերպուած բոլոր ախոյեանութիւններուն նախագահը եւ ՖԻԱ-ի անդամ Իմատ Լահուտ ըսաւ, որ եթէ 2017 տարին եղաւ յաջողութիւններու տարի մը, ապա յառաջիկայ տարի լիբանանցի վարորդներէն կը սպասէ աւելի փայլուն արդիւնքներ, մանաւանդ միջազգային գետնի վրայ:

Մրցանակներ ստացողներուն կարգին եղան.

Քարլ Էթիեմեզեան – Քարթինկ, կրտսերներ` ԷՔՍ-30 (3-րդ)
Շանթ Էթիեմեզեան – Քարթինկ, Շիֆթըր (2-րդ)
Հրայր Խաչատուրեան – Քարթինկ, Շիֆթըր (3-րդ)
Տանիել Թերզեան – Սփիտ-Թեսթ (առաջին)
Տանիել Թերզեան – Առջեւի անիւներով բանող ինքնաշարժի ախոյեանութիւն (առաջին)
Կարօ Յարութիւնեան – Արագութեան մրցում (երկրորդ)

Մրցանակաբաշխութենէն ետք, յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ տարբեր անձնաւորութիւններու եւ հովանաւոր ընկերութիւններու:

Լուսանկարները Տրամադրեց`
PROFOTO

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր

January 6, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին

January 6, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց  Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.