Մարզական

Տորթմունտ Երկարաձգեց Օպամեյանկի Պայմանագրութիւնը

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր յառաջապահին` Փիեռ - Էմերիք Օպամեյանկի հետ, կը յայտնէ գերմանական մամուլը: Ան այսպիսով մինչեւ 30 յունիս 2021 պիտի մնայ խումբին հետ: Սակայն այս գծով գերմանական ակումբին կողմէ ցարդ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չէ հրապարակուած: 28 տարեկան կապոնցի ֆութպոլիստին այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020:

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերը` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 17 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի երկու կազմերը` Պուրճ Համուտ եւ Պէյրութ, յաղթանակներ արձանագրեցին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը` երէկուան մրցումին Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Թրիփոլիի «Մանար» համալսարանին դաշտին վրայ մրցեցաւ Նմուր Քուրա խումբին դէմ, բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց: Նմուր Քուրա, որ բաւական լաւ խումբ մըն է...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այլ Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ` 105-97 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նախորդ ուրբաթ օր դարձի Ա. հանգրուանին գծով Պէյրութի դէմ իր մրցումը չկատարեց` նկատի ունենալով, որ իրաւարարները դիմած էին գործադուլի: Երթի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Սիթի` Անկասելի

Միլանօ Քաղաքի Երկու Խումբերը Պարտուեցան Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող հինգ խումբերն ալ յաղթանակներ արձանագրելով ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Անգլիոյ մէջ (18-րդ հանգրուան), ցարդ անպարտելի միակ խումբը` Մանչեսթըր Սիթի, դարձեալ մնաց անկասելի, երբ արձանագրեց իր 17-րդ յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թոթենհամը: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, Արսենալ եւ Լիվըրփուլ: Իտալիոյ մէջ (17-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները յետաձգուեցան, բնականաբար անոնց կարգին նաեւ` Հուփս - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ: Դարձի մրցումներուն գծով պիտի հրապարակուի նոր յայտագիր մը:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Մը Կրեց

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ երէկ Շարքի դաշտին վրայ մրցեցաւ Մասիսի դէմ, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, բայց Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի կազմը կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 2017-ի Ակումբներու Թենիսի Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

Շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ աւարտեցաւ վերոնշեալ ակումբին կողմէ կազմակերպուած 2017-ի ակումբներու թենիսի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան բազմաթիւ ակումբներու մեծաթիւ մարզիկներ: PROFOTO Վերջնական դասաւորման մէջ, կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մոն լա Սալ եւ Կոլֆ ակումբները: Աւարտին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ – Անսար Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Տաք Ճակատում

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը կատարուին քառորդ աւարտականի հետեւեալ ճակատումները. Ահտ - Նեպի Շիթ, Թատամոն Սուր - Սալամ Զղարթա, Ախա Ահլի Ալէյ - Թրիփոլի եւ Նըժմէ - Անսար: Բնականաբար, այս վերջին ճակատումը պիտի ըլլայ բաւական տաք: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ահտ - Մապարրա 2-0 Թրիփոլի - Շապապ Մաժտալ Այնճար 4-1...

Ռէալ Մատրիտ` Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութեան Եռակի Ախոյեան

Եւրոպական «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, Սպանիոյ ախոյեան ՌԷալ Մատրիտ, նախորդ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ակումբներու ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ: Աւարտականին, Զինետին Զիտանի գլխաւորած խումբը, մրցելով Հարաւային Ամերիկայի Լիպերթատորես բաժակի տիտղոսակիրին` պրազիլական Կրեմիոյի դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած կոլին (53-րդ): Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ, երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Իսկ Ռոնալտօ իր նշանակած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսին: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: ՀՄԸՄի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը: Յայտնենք, որ այս հանգրուանը կը սկսի այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Անդրանիկ Պէյրութ, ՀԲԸՄ-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երէկուան Մրցումները Յետաձգուեցան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին գծով երէկուան մրցումները յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով եւ անոնց կայացման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին մօտիկ ապագային: Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պատճառները արդէն իսկ ծանօթ են բոլորին եւ ոչ մէկ գաղտնիք կայ: Երէկուան մրցումները իրարու դէմ պիտի հանէին...

Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Դպրոցական Մրցաշարք

Հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական մրցաշարքը կը շարունակուի բաւական մեծ խանդավառութեամբ: Պասքեթպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենան Շանվիլի դաշտին վրայ, իսկ ֆութսալի մրցումները Լուէյզիի մարզադաշտին վրայ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. Մար Եուսեֆ Այնթուրա - Լուիզ Ֆեկմըն` 57-50, Շանվիլ - Բողոքական դպրոց` 91-46, Շանվիլ Հայ Սքուլ - Այիլա Մուքատտաս` 106,41, Ամերիքըն Քոմիւնիթի Սփոր -...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերը Վաղը Մրցումներ Ունին Կատարելիք

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Նմուր Քուրայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարի համալսարանի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իր կարգին իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մասիս

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Մասիսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմին անդամներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակով աւարտել իրենց այս մրցումը` դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքի մը հասնելու ձգտումով:

Անտոնեան Համալսարան – Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն Համաձայնագիրի Կնքում

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Անտոնեան համալսարանին մէջ (Հատաս - Պաապտա), կատարուեցաւ համաձայնագիրի կնքում վերոնշեալ համալսարանին եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին միջեւ: Այդ համաձայնագիրը ստորագրեցին համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալըխ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու, հիւրերու եւ մարզական լրագրողներու: Ֆետերասիոնը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի օժանդակէ, որպէսզի ֆութպոլի մարզը յառաջխաղացք արձանագրէ համալսարանին մէջ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Գերմանիոյ Մէջ Կ՛աւարտին Երթի Մրցումները

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, մրցումներուն մեծամասնութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ թեթեւ ճակատումներէ: Գերմանիոյ մէջ կ՛աւարտին երթի մրցումները` 17-րդ հանգրուանի ճակատումներով: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Լայսթըր Սիթի (8) - Քրիսթալ Փալաս (18) 14:30 Արսենալ (7) - Նիւքասըլ (16) 17:00 Պրայթըն (13) - Պըրնլի (6)...

128 Մասնակցողներու Ներկայութեան.  Լիբանանի Պեքկամընի Ֆետերասիոնը Կազմակերպեց Իր Առաջին Ախոյեանութիւնը

128 Մասնակցողներու Ներկայութեան. Լիբանանի Պեքկամընի Ֆետերասիոնը Կազմակերպեց Իր Առաջին Ախոյեանութիւնը

Մարզական սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մը մէջ եւ կազմակերպչական բացառիկ օրուան մը ընթացքին, Լիբանանի Պեքկամընի ֆետերասիոնը «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ կազմակերպեց Լիբանանի Պեքկամընի իր առաջին ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 128 երկսեռ մասնակիցներ: Լիբանանցի խաղացողներէն բացի, ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ֆրանսայէն եւ Սպանիայէն եկած նարտիի մրցումներու մասնակիցներ: Այս ախոյեանութիւնը տեւեց աւելի քան տասը ժամ, անոր ընթացքին խաղացողները ամէն ճիգ ի...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, 121-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Լեպրոն Ճէյմս (աջին) Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս թրփիըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրանթ (36), երբ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, յաղթանակ մը արձանագրեց Տալաս Մավըրիքսի...

Ռուբէն Նազարէթեան Դարձեալ Գլխաւորեց Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուբէն Նազարէթեան դարձեալ գլխաւորեց Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը: Ան այս տարուան յունուարին լքած էր գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնը: Անոր փոխարէն գլխաւոր մարզիչ նշանակուած էր Զոհրապ Նիազեան: Նազարէթեան կը գլխաւորէ նաեւ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան մասնակցող Լէօ խումբը:

Քասիաս Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Աղբիւրին տուեալներուն համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահով մօտէն հետաքրքրուած է «Մէյճըր-լիկ»-ի կազմերէն Շիքակօ Ֆայըրը: Փորթուգալեան ակումբին հետ 36 տարեկան Քասիասի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ի ամրան:

Page 893 of 1278 1 … 892 893 894 … 1,278

Արխիւներ