Սպանական «Մարքա»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուելիք Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Խոսէ Սանչես Մարթինես:
Ան այս տարեշրջանին սկիզբը Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով սուլեց երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ Ռէալի յաղթանակով (2-0):
Ան այս տարեշրջանին ընդամէնը սուլած է 7 մրցումի ընթացքին` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով, 27 անգամ գործածելով իր դեղին քարտը եւ սուլելով 2 փենալթի:
Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն տեղի պիտի ունենայ 23 դեկտեմբերին: