Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Անսար ախոյեանութեան գծով իր յաջորդ երկու մրցումները պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:
Անսարի դէմ այս պատիժը տնօրինուեցաւ նկատի ունենալով, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով անոր համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել արարքներ` Շապապ Արապիի դէմ (շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, Ահտի դաշտին վրայ):