Իրլանտական Շելպուրն ակումբի երիտասարդական խումբի ֆութպոլիստ Իզի Տեզու, իր կազմին կատարած մրցումին ընթացքին իր գիտակցութիւնը կորսնցնելէ ետք մահացաւ, յայտնեց իրլանտական մամուլը:
Թէեւ 16 տարեկան ֆութպոլիստը փոխադրեցին հիւանդանոց, սակայն ան գիտակցութեան չգալով մահացաւ:
Անոր ակումբն ու Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեցին ֆութպոլիստի ընտանիքին: