Սահմանուած նոր կանոնագիրին համաձայն, Հայաստանի լաւագոյն մարզիկները պիտի ընտրուին մարզական արտօնագիր ունեցող լրագրողներուն կողմէ եւ «Էս. էմ. Էս.»-ի (1006) քուէարկութեան միջոցով, որուն կրնան մասնակցիլ բոլորը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած 2017-ի «տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ» մրցանակին մասնակցող մարզիկներու ցանկին մէջ է:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց քուէարկելու ի նպաստ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆութպոլիստին:
Քուէարկութեան վերջին պայմանաժամն է 25 դեկտեմբեր 2017:
Հենրիխի ի նպաստ քուէարկելու կոչ ուղղած է նաեւ անոր քոյրը` Մոնիքա Մխիթարեան:
Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած անուանացանկին մէջ Մխիթարեան թիւ 18-րդն է:
Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը կ՛ուզէ, որ քուէարկութիւնը կատարուի ի նպաստ թիւ 18-ին` նկատի ունենալով, որ Մխիթարեանի մարզաշապիկին թիւն ալ 18 է ազգային հաւաքականին մէջ: