Ուեսթպրուք`
Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ինը ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 24-րդ յաղթանակը, երբ 124-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Տենվըր Նակեթցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 33 կէտ:
Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Հիուսթըն Ռոքեթց արձանագրեց իր 22-րդ յաղթանակը` 108-96 արդիւնքով, իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցի դէմ: Քրիս Փոլ (Ռոքեթց) նշանակեց 31 կէտ:


Օքլահոմա Սիթի 100-95 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 17 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմար Տերոզան (37), երբ անոր կազմը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզին (115-109):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 95-100 |
| Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 95-106 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 93-87 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Տենվըր Նակեթց | 124-118 |
| Մայեմի Հիթ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 95-102 |
| Շիքակօ Պուլզ – Եութա Ճեզ | 103-100 |
| Նիւ Օրլինզ – Միլուոքի Պաքս | 115-108 |
| Ֆէոնիքս Սանզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 109-115 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց | 108-96 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ|
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մավըրիքս


