Իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց պարգեւավճարները` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին գծով:
Աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանելու համար, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 350 հազարական եւրօ:
Քառորդ աւարտականին հասնելու պարագային, անոնք պիտի ստանան 75 հազարական եւրօ, կիսաւարտականի պարագային` 75 հազարական, իսկ աւարտական հասնելու պարագային` 200 հազարական եւրօ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն, Գերմանիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Մեքսիքա (17 յունիս), Շուէտ (23 յունիս) եւ Հարաւային Քորէա (27 յունիս):