«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններու սկսած է պարզիլցի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարիի հետ, որպէսզի ստանձնէ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը:
Թէեւ Անկելոս Փոսթեքոկլուս Աւստրալիոյ հետ լաւ արդիւնքներ արձանագրելով անոր 2018-ի Մոնտիալի տոմս մը ապահովեց, սակայն որոշեց ներկայացնել իր հրաժարականը եւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներուն չմասնակցիլ:
Սքոլարիի մարզած վերջին խումբը եղաւ չինական Կուանկժուն: