Նաժահ Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած լողարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ 43 մետալի (24 ոսկի, 8 արծաթ եւ 11 պրոնզ):
Այդ մետալներուն տիրանալէ բացի, վերոնշեալ ակումբին մաս կազմող լողորդները լիբանանեան 9 նոր մրցանիշներ հաստատեցին:
Անոնց մարզիչն է լիբանանցի փորձառու եւ անուանի մարզիչ Մոհամետ Սաքր: