Երէկ` չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Հունգարիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ախոյեանութեան, որուն մասնակցեցան 25 երկիրներ:
Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ 32 մետալներու, որոնցմէ 11-ը ոսկի էին, 12-ը` արծաթ, իսկ 8-ն` պրոնզ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան: