Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Ժողովին. Շարք Մը Ակումբներու Դէմ Տնօրինուեցան Նիւթական Պատիժներ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Այսուհետեւ ֆետերասիոնը պիտի կիրարկէ նոր օրէնք մը, ըստ որուն, բոլոր այն մարզիկներն ու պատասխանատուները, որոնք իրաւարարներուն հասցէին զրպարտութիւններ կամ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին քննադատութիւններ կը կատարեն, պիտի կախակայուին մէկէն վեց ամիսով եւ պիտի ենթարկուին տուգանքի: Ֆետերասիոնը կազմեց պիչ-ֆութպոլի իր...



