Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շուտով պիտի գտնէ իր նոր ակումբը, որովհետեւ հայրենի ֆութպոլիստին եւ անգլիական ակումբին միջեւ բաժանումը շատ շուտով կատարուած իրողութեան պիտի վերածուի:
Մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին անկասկած յայտնի պիտի ըլլայ Մխիթարեանի նոր ակումբը, ուր ան պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: