Քութինիօ Միացաւ Պարսելոնային` Փոխան 140 Միլիոն Եւրոյի
Պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ իր ակումբը` Լիվըրփուլը լքելով միացաւ քաթալոնական Պարսելոնային` փոխան 140 միլիոն եւրոյի, յայտնեց Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան Քութինիօ, որ 5,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ եւ պիտի կրէ թիւ 14 շապիկը, յայտնեց, որ այս փոխանցումով իր երազը իրականացաւ` նկատի ունենալով, որ որեւէ ֆութպոլիստի համար երազ մըն է այսպիսի անուանի ակումբի մը միանալը: Նշենք...









