Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մահեր Ալի Միջազգային Իրաւարարի Կոչում Ստացաւ

Լիբանանցի իրաւարար Մահեր Ալի, որ ընդհանրապէս ճանչցուած է իր լաւ սուլիչով, ֆութպոլի միջազգային իրաւարարի կոչում ստացաւ: Ան այսպիսով կը դառնայ լիբանանցի հինգերորդ կեդրոնի իրաւարարը, որ միջազգային կոչում կը ստանայ: Կան նաեւ կողմի ութ միջազգային իրաւարարներ: Նախորդ տարեշրջանին ան Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով սուլեց վեց որոշում, ինչպէս նաեւ` բաժակի մրցաշարքին գծով մրցումի մը: Ան վերջին 13 տարեշրջաններուն միշտ ալ տեսնուած է...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Երկարաձգէ Մաթթայի Եւ Հերերայի Պայմանագրութիւնները

Սպանական «Մարքա» օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ կը պատրաստուի երկարաձգելու իր երկու միջնապահներուն` Խուան Մաթթայի եւ Անտեր Հերերայի պայմանագրութիւնները: Անոնց գործող պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2018, կը նախատեսուի, որ երկարաձգուի մինչեւ 30 յունիս 2019: Անոնք երկուքն ալ Եունայթըտին մաս կը կազմեն 2014-էն: Մաթթա, որ ցարդ Եունայթըտի հետ կատարած է 22 մրցում, նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 4...

Իպրահիմովիչ Առաջարկներ Ստացած Է Միացեալ Նահանգներէն Եւ Չինաստանէն

«Եահու-սփորթց» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ առաջարկներ ստացած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Չինաստանէն` առանց սակայն նշելու առաջարկը ներկայացնող կազմերուն անունները: Այդ երկիրներու ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը կը սկսի յառաջիկայ մարտին: Անգլիական ակումբին հետ 36 տարեկան Իպրահիմովիչի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Ան վերջերս փափաք յայտնած էր Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցելու Ռուսիոյ մէջ տեղի...

Մալաքեան Եղբայրները Կը Մարզուին Սթալի Հետ

Ուքրանական Սթալ ֆութպոլի ակումբը ձմեռնաիյն եւ տօնական իր արձակուրդէն ետք վերսկսած է իր փորձերուն, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը: 2018 տարուան առաջին փորձերուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Էտկար եւ Գոռ Մալաքեան եղբայրները: Դեկտեմբեր 2017-ին հայ ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները աւարտեցան, սակայն անոնք կը շարունակեն մնալ Սթալի հետ: Նշուեցաւ նաեւ, որ շաբաթ, 13 յունուարին, Սթալ կը մեկնի Թուրքիա, ուր կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութի 8-րդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն, արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը` 80-70 արդիւնքով (25-11, 21-13, 23-24 եւ 11-22): Երէկուան մրցումէնPROFOTO Պէյրութէն Պասել Պաուժի, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, շատ մօտ էր թրիփըլ տապըլ մը իրագործելու (21 կէտ, 13 ռիպաունտ, 9 էսիսթ): Քէանօ Փոսթ իր կարգին տապըլ-տապըլ մը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Աքրամ Հալապի Փոխարինեց Եասեր Հաժը. Սաժես Եւ Ռիատի Կախակայուեցան

Շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք Սաժես - Մութթահետ եւ Ռիատի - Շանվիլ մրցումներուն ընթացքին տեղի ունեցած հարցերը, որոշեց կախակայել Սաժեսը եւ Ռիատին, որոնց համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել կեցուածքներ եւ անբարոյական արտայայտութիւններ: Թէեւ իրենց դաշտերուն վրայ անոնց կատարելիք յաջորդ մրցումը պիտի չըլլայ դռնփակ, սակայն իւրաքանչիւր համակիր փոխանակ եօթը հազար լիբանանեան ոսկի վճարելու, պիտի վճարէ տասնչորս հազար լիբանանեան...

ՖԻՏԷ. Հրանդ Մելքումեան` Լաւագոյն Հարիւրին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած յունուար ամսուան նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ չորրորդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2797 կէտ, ինչ որ 8 կէտով պակաս է նախորդ ցուցանիշէն: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն հարիւր լաւագոյններուն մէջ են Գաբրիէլ Սարգսեան (67-րդ, 2677), Վլատիմիր Յակոբեան (77-րդ, 2667) եւ Հրանդ Մելքումեան (97-րդ, 2654): Լաւագոյն եռեակը կը կազմեն Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա, 2834),...

Ճատրակ. Հայ Ճատրակ Խաղացողները Տիրացան 2 Տարբեր Մրցաշարքերու Տիտղոսներու

Լաոսի մէջ տեղի ունեցած «Լաոս-օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան: Հայաստանի ներկայացուցիչը առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով առանձինը գրաւեց պարագլուխի դիրքը եւ տիրացաւ տիտղոսին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 երկիրներու 68 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 4 կրանտմասթըրներ եւ 4 միջազգային վարպետներ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այլ մրցաշարքի մը ընթացքին, Հայաստանի ներկայացուցիչը`...

Հայկական Ակումբները Վերսկսան Իրենց Փորձերուն

Նախորդ շաբաթավերջին ձմեռնային արձակուրդը աւարտեցաւ հայկական ֆութպոլի ակումբներուն համար, որոնք վերսկսան իրենց փորձերուն` պատրաստուելու համար 2017-2018 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին: Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փիւնիկ իր առաջին հաւաքը պիտի կատարէ 15-21 յունուարին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, երկրորդը 23 յունուարէն 4 փետրուարին` Ալանիայի մէջ (Թուրքիա), իսկ երրորդը 13-24 փետրուարին` Լառնաքայի մէջ (Կիպրոս): Գանձասար-Կապան եւս շատ հաւանաբար արտասահմանի մէջ հաւաք մը կատարէ,...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Յաղթեց. Քարի Նշանակեց 32 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Սթեֆըն Քարիի 32 կէտերուն օգնութեամբ 124-114 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին: Սթեֆըն Քարի Այս յաղթանակը Ուորիըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 33-րդը, Պոսթըն Սելթիքսի նման: Սակայն փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ 127-99 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը կրեց Մինեսոթա Վուլվզի դաշտին վրայ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ Պրուքլին Նեթցի հիւրն...

Զիտան «Ֆրանս-Ֆութպոլ»-ի Կողմէ Ճանչցուեցաւ Իբրեւ 2017-ի Լաւագոյն Մարզիչը

Ֆրանսական «Ֆրանս-ֆութպոլ» պարբերաթերթին կողմէ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան ճանչցուեցաւ իբրեւ 2017 տարուան լաւագոյն մարզիչը: 45 տարեկան Զիտան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս մրցակիցին: Ֆրանսացին, որ 2016-ին նշանակուեցաւ արքայական ակումբի մարզիչ, 2017-ին տիրացաւ շարք մը տիտղոսներու:

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիները Ներկայ Պիտի Ըլլան Ֆութպոլի Մրցումներու

«Արապիան Պիզնըս» կայքը կը հաղորդէ, որ 12 յունուարին Սէուտական Արաբիոյ մէջ չեղեալ պիտի յայտարարուի այն օրէնքը, որ ֆութպոլասէր կիներուն կ՛արգիլէ ֆութպոլի մրցումի մը ներկայ գտնուիլ: Անոնց պիտի արտօնուի երեք քաղաքներու մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն ուղղուիլ դաշտ եւ իրենց տրամադրուած յատուկ թրիպիւններուն մէջ նստիլ: Անոնք իրենց տոմսերը եւս պիտի գտնեն իրենց տրամադրուած յատուկ տոմսարկղներէն: 2017-ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիներուն արտօնութիւն տրուեցաւ...

Մանչեսթըր Եունայթըտի Ֆութպոլիստները Մեկնեցան Տուպայ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆութպոլիստները մեկնեցան Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր պիտի կատարեն յատուկ հաւաք մը` պատրաստուելու համար 15 յունուարին Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (23-րդ հանգրուան): 23 ֆութպոլիստներուն մէջ է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

Վրացի Ֆութպոլիստը Գնեց Իր Նախկին Ակումբը

Վրաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զազա Ջանաշիա աճուրդի մը ընթացքին 20 հազար եւրոյի գնեց Զուկտիտի ֆութպոլի ակումբը, որուն հետ ան 1991-ին սկսած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը, Վրաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: 41 տարեկան Զազայի նախկին ակումբը այժմ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Ան կ՛ուզէ խումբը վերստին բարձրացնել Ա. դասակարգ, ասոր համար ալ աշխատանք պիտի տանի: Ան ֆութպոլիստի իր...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւն. Մանչեսթըր Եունայթըտի Մրցակիցը` Բ. Դասակարգի Եէօվիլը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին կատարեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 26-29 յունուարի ժամանակամիջոցին: Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Բ. դասակարգի (մեր հասկացողութեամբ` Գ. դասակարգ) կազմերէն Եէօվիլը, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 21-րդ դիրքը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Եէօվիլի դաշտին վրայ: Թոթենհամի մրցակիցը եւս պիտի ըլլայ նոյն դասակարգէն Նիուփորթ Քաունթրին: Լիվըրփուլ պիտի մրցի «Փրեմիեր...

Սպանացի Քարանքա Նշանակուեցաւ Ֆորեսթի Մարզիչ

Անգլիոյ Ա. դասակարգի խումբերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթ, որ նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Արսենալը, խումբի մարզիչ նշանակեց սպանացի Այթոր Քարանքան: Ֆորեսթ իր այդ յաղթանակը արձանագրեց օգնական մարզիչ Կերի Պրազիլի հետ, որ Մարք Ուորպըրթընի պաշտօնազրկումէն ետք (նախորդ ամիս) նշանակուած էր ժամանակաւոր մարզիչ: 44 տարեկան Քարանքա 2016-ին Միտըլզպորոյի մարզիչն էր: Իբրեւ ֆութպոլիստ ան մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ: ՀՄԸՄ-ի կազմը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 108-92 արդիւնքով յաղթելով Անթունիէի (25-28, 14-28, 29-25 եւ 24-27): ՀՄԸՄ-էն 29 կէտ նշանակեց Սամուէլ Եանկ, մինչ Ուոլթըր Հոճ 27 կէտ նշանակելէ բացի (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ) կատարեց 9 էսիսթ: Հայկ Կէօքճեան տապըլ-տապըլ մը իրագործելէ բացի (13 կէտ, 11...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպէ Շիահը: Մրցումը ընթացաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ եւ անշուշտ մրցակից կազմին պարտութեամբ 96-77 արդիւնքով (32-20, 24-18, 31-14 եւ 9-25): ՀՄԸՄ-ի մարզիչը` Փաթրիք Սապա կու տայ ցուցմունքներԼուսանւարները Տրամադրեց ՃՕ ՇԱՄԱԱ Վերջին քորթըրին ոչ թէ մրցակից կազմը աւելի լաւ խաղցաւ,...

Ներկայութեամբ Նախարար Ֆընէյշի. Տեղի Ունեցաւ Վոլիպոլի 2017-2018 Տարեշրջանին Բացման Հանդիսութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: PROFOTO Անոր ներկայ էին նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, մարզական պատասխանատուներ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա եւ այլ անդամներ, հրաւիրեալներ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» – «Էմ. Էմ. Էս. Ռէյսինկ» Ընկերութիւն Պայմանագիրի Կնքում

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքած է «Էմ. Էմ. Էս.» ընկերութեան հետ, որ 2018-ին Լիբանանի բոլոր ռելիներուն, ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն պիտի ըլլայ անոնց լուսանկարիչը եւ վիտէօ նկարահանումները կատարողը: Այս պայմանագրութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ՖԻԱ-ի ներկայացուցիչ Իմատ Լահուտի, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի...

Page 885 of 1278 1 … 884 885 886 … 1,278

Արխիւներ