Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի ունեցան յատուկ փորձեր` նկատի ունենալով, որ Լիբանան այս տարի պիտի մասնակցի միջազգային շարք մը ախոյեանութիւններու, որոնց կարգին` միջերկրականեան ախոյեանութիւնը եւ Ասիոյ ախոյեանութիւնը:
Շուրջ 20 երկսեռ մարզիկներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի խումբերէն կարգ մը սուսերամարտիկ-բանակայիններ մասնակցեցան այդ փորձերուն` հսկողութեամբ մարզիչներ Պահիժ Շարանեքի եւ Մահմուտ Ալի Ահմետի:
Միւս կողմէ, լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար):
Իտալիա մեկնած մարզիկները հետեւեալներն են. Անթոնի Շուէյրի, Մարի-Ճօ Ապու Ժաուտէ եւ Նայ Սալամէ: Անոնց ընկերակցեցաւ, մարզիչ Մահմուտ Ալի Ահմետ: