Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, այսօր` ուրբաթ, 5 յունուարի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին պաշտօնական բացումը:
Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն եւ արտասանուած խօսքերէն ետք տեղի պիտի ունենայ ախոյեանութեան բացման մրցումը (երեկոյեան ժամը 18:30-ին)` Շեպիպեթ Պաուշրիէի եւ Ռիատի Հըպուպի միջեւ:
Ախոյեանութեան մասնակցող խումբերն են` Սփիտպոլ Շեքքա, Շեպիպեթ Թաննուրին, Զահրաա Մինա, Շեպիպեթ Պաուշրիէ, Ֆինիքիա Ժիպէյլ, Ռիատի Ամշիթ, Անուար, Ռիսալէ Սարաֆանտ, Ռիատի Հըպուպ, Լիբանանեան բանակ, Մըթէյն Ռիատի եւ Ռիատի Մըշմըշ: