Պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ իր ակումբը` Լիվըրփուլը լքելով միացաւ քաթալոնական Պարսելոնային` փոխան 140 միլիոն եւրոյի, յայտնեց Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
25 տարեկան Քութինիօ, որ 5,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ եւ պիտի կրէ թիւ 14 շապիկը, յայտնեց, որ այս փոխանցումով իր երազը իրականացաւ` նկատի ունենալով, որ որեւէ ֆութպոլիստի համար երազ մըն է այսպիսի անուանի ակումբի մը միանալը:
Նշենք սակայն, թէ Քութինիօ, որ այժմ վիրաւոր է, 3 շաբաթ ետք պիտի տեսնուի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:
Ան 2013-ին Ինթեր Միլանէն միացած էր Լիվըրփուլին:
Սպանական մամուլը յայտնեց, որ այս փոխանցումէն օգտուեցաւ նաեւ անոր առաջին ակումբը` Վասքօ տա Կամա (Պրազիլ): Մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին, Պարսելոնա պրազիլական ակումբին պիտ վճարէ 3,2 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 1 միլիոն եւրօ` յաւելավճարներէն: