Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Նապաթիէի:
Երթի մրցումներէն ետք ՀՄԸՄ-ի կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ:
Հայրենի մարզիչ եւ անցեալի ֆութպոլիստ Ստեփան Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ հայրենի ֆութպոլիստներ Գէորգ Օհանեան եւ Համլեթ Ասոյեան մեկնեցան խումբէն:
Մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ Վաչէ Սարգիսեանին, որ իրեն օգնական պիտի ունենայ Դրօ Քէհէեանը:
Իսկ դարձի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմին մէջ պիտի ըլլայ հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Պօղոսեան, որ պիտի ըլլայ միակ օտարահպատակը:
ՀՄԸՄ դարձի մրցումներուն պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքեր գրաւել:
ՆՇԵՆՔ, որ այս շաբաթավերջին կը սկսին նաեւ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբը (2001-2002-ի ծնունդ) այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կը կատարէ կիրակի, 7 յունուարին, երբ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անքունի դաշտին վրայ կը մրցի Թատամոն Սուրի դէմ: