Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց Ա. դասակարգին մաս կազմող Նոթինկհամ Ֆորեսթ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Արսէն Վենկերի կազմը` Արսենալը, արձանագրելով` 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նոթինկհամի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Արսենալ դաշտ ներկայացաւ իր երկրորդ խումբով:
Այսպիսով, Արսէն Վենկերի գլխաւորութեամբ Արսենալ առաջին անգամ ըլլալով դուրս կը մնայ այս մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանէն, այդ ալ կազմէ մը, որ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:
Սակայն լոնտոնեան այլ կազմ մը` Թոթենհամ, յաջողեցաւ ապահովել 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուիմպըլտընին (Բ. դասակարգ):