Պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին եւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, կ՛ընթանայ խանդավառ մթնոլորտի մէջ նկատի ունենալով, որ 3-րդ շաբթուան մրցումներուն մարզական պայքարի ոգիով խումբերը մրցեցան իրարու դէմ:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 19 դպրոցներ: Անոնք բաժնուած են քանի մը խմբակներու:
Իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէ իր ամէն կարելին ընել` գրաւելու խմբակին առաջին կամ երկրորդ դիրքը` անցնիլ կարենալու համար յաջորդ հանգրուան: