Մութթահետ Թրիփոլիի նախագահ Ահմետ Սաֆատի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն պահանջեց գործադրել օրէնքները եւ ի մասնաւորի 149 յօդուածը, որուն հիման վրայ կը կախակայուի այն միութիւնը, որուն համակիրները հարցեր կը հրահրեն իրաւարարներուն, ֆետերասիոնին, մրցակից կազմի մարզիկներուն կամ պատասխանատուներուն դէմ:
Ան պահանջեց, որ Սաժես ակումբը մէկէն երեք մրցումով կախակայուի եւ իր մրցումները կատարէ (իր դաշտին վրայ անշուշտ) դռնփակ` առանց իր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ենթարկուի 250-րդ կէտի տուգանքին (շուրջ 6 միլիոն, 250 հազար լիբանանեան ոսկի):
Նշուեցաւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուած է Սաֆատիի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի միջեւ:
Սաֆատի ըսաւ, որ ֆետերասիոնը այնպէս, ինչպէս գործադրեց իր օրէնքը` երկու թեքնիքըլ ֆաուլի պատճառով մէկ մրցումով կախակայելով իր խումբին մարզիչը` Ալեն Ապազը, այդպէս ալ պէտք է պատժական տնօրինումներ կատարէ Սաժեսի դէմ, որուն համակիրները Օմար Այյուպէի եւ անոր մէկ խմբակիցին նկատմամբ անարգական եւ ոչ մարզավայել բացագանչութիւններով հանդէս եկան:
Փաստաբան Շարպել Ռըզք Սաֆատիի հետ իր ունեցած խօսակցութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս առումով արագ որոշում մը չի կրնար տալ, որովհետեւ պէտք է սերտէ այս մրցումին համար ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած հսկող անձին տեղեկագիրը եւ զայն ֆետերասիոնի ժողովին ընթացքին քննարկէ: