Վերջին քանի մը օրերուն Լիբանան կը գտնուէր Ջրային տարբեր տեսակի մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոնի իտալացի նախագահ Ռաֆայէլ Քիոլլի, որ Պէյրութ այցելեց վերոնշեալ մարզաձեւերու Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Էտմոն Շաղուրիի յատուկ հրաւէրով:
Այս առիթով Շաղուրի պատուեց իր հիւրը յատուկ երեկոյի մը ընթացքին` ներկայութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, նախկին նախարար Մոհամետ Ռահալի եւ այլ հրաւիրեալներու:
Քիոլի յայտնեց, որ տեսնելով Շաղուրիի եւ ֆետերասիոնին կատարած գործունէութիւնները, աւելի փաստեց, որ Լիբանան 2018-ին ի վիճակի է բաւական լաւ ձեւով հիւրընկալել միջազգային մրցաշարքեր, ինչպէս նաեւ այս տարուան ընթացքին միջազգային ֆետերասիոնին գումարելիք տարեկան համագումարը:
Քիոլի իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: