ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութսալի խումբը այս շաբաթավերջին Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով մրցում չունի կատարելիք: Սակայն խումբը մրցում մը ունի կատարելիք բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երբ վաղը` կիրակի, 7 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին կը մրցի Էտտէ Պաթրունի դէմ, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով արձանագրել յաղթանակ մը: