Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Հատասի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պէտք է իրենց առաւելագոյնը կատարեն լաւ արդիւնքի հասնելու համար, մանաւանդ որ այժմ դասաւորման մէջ այդքան ալ լաւ դիրքի վրայ չեն գտնուիր:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է մէկ յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրած չորս պարտութիւն, կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Կ՛ակնկալուի, որ մարզիկները իրենց ամէն կարելին ընեն` արձանագրելու համար տարեշրջանի իրենց երկրորդ յաղթանակը: