Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 8 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ ցարդ այս տարեշրջանին անպարտելի միակ խումբն է: