Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Երեք Կէտի Տարբերութեամբ (125-122) Յաղթեց Մավըրիքսին, Մինչ Լէյքըրզ Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց (133-96) Օքլահոմա Սիթիէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Տալաս Մավըրիքս իր դաշտին վրայ երեք կէտի տարբերութեամբ` 125-122 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Վերջինիս մաս կազմող Սթեֆըն Քերի նշանակեց 32 կէտ: Տեմար Տերոզան Շիքակոյի մէջ, Պուլզ 124-115 արդիւնքով պարտուեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզէն: Տեմար Տերոզան նշանակելով 35 կէտ, մեծապէս օգտակար դարձաւ իր կազմին, որ յաղթանակ մը արձանագրէ: Լոս...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Եուվենթուս Հասաւ Կիսաւարտականին

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Թորինոյի տերպիի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Եուվենթուս, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորինոյին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Տուկլաս Քոսթա (15-րդ) եւ Մարիօ Մանճուքիչ (67-րդ): Կիսաւարտականին Եուվենթուս իր դէմ պիտի ունենայ Աթալանթան, որ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Նափոլին (2-1): Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ...

Ըստ Սպանական Մամուլին> Արիզապալակա Միացաւ Ռէալ Մատրիտին

Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ իր կազմին միացուց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի 23 տարեկան բերդապահ Քեփա Արիզապալական, որ 20 միլիոն եւրոյի դիմաց վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Նշուեցաւ, որ ան շատ հաւանաբար այս տարեշրջանը աւարտէ իր ակումբին հետ, որմէ ետք պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտին:  

400 Մարզիկներ Մասնակցեցան Ձմեռնային Ակադեմիաներու Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ ֆութպոլ Քլապ Պէյրութի, տեղի ունեցաւ ձմեռնային ակադեմիաներու մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 400 մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 8 ակադեմիաներ: Այս մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Քասքասի դաշտին վրայ, կատարուեցաւ գործակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան: Խումբերը մասնակցեցան 45 մրցումներու: Տարբեր դասակարգերու մէջ Պէյրութի խումբը տիրացաւ տիտղոսներուն մեծամասնութեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Պետմինթըն. 56 Իրաւարարներ Ստացան Յատուկ Վկայագիրներ

Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնը իր ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Հուփս Պէյրութի ակումբին մէջ կազմակերպեց իրաւարարներու յատուկ դասընթացք մը` մասնակցութեամբ 56 իրաւարարներու, որոնք ստացան իրենց յատուկ վկայագիրները: Այս 56 անձերը` մեծամասնութեամբ համալսարանականներ, ստացան յատուկ ցուցմունքներ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մրցումներուն հսկեն ու տան ճշգրիտ որոշումներ եւ ինչպիսի՛ վերաբերմունք պիտի որդեգրեն մարզիկներուն նկատմամբ: Անոնք իրենց մրցումներուն պիտի սկսին Գ. դասակարգէն` հասնելով մինչեւ միջազգային ասպարէզի մակարդակը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` 86-81 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Պէյրութի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, իրարու դէմ հանեց Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ-ը: Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 86-81 արդիւնքով (16-25, 17-19, 26-19 եւ 22-23): Մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ որ շատ յաճախ արդիւնքը կ՛ընթանար հաւասար, երբեմն ալ` խումբի մը առաւելութեամբ: Առիթով մը ՀՄԸՄ 16 կէտի առաւելութիւն...

Պաքուի Մէջ. Մխիթարեանի Լուսանկարը Պատճառ Դարձաւ Ճաշարանի Մը Փակումին

Պաքուի տեղական իշխանութիւնները փակած են տեղւոյն ճաշարաններէն մէկը, ուր ֆութպոլասէրներ կ՛երթային ֆութպոլի մրցումներու հետեւելու, առհասարակ այլ երկիրներու նման, ուր կը կատարեն նոյնը: Sportfm.az կայքը կը հաղորդէ, որ այս ճաշարանին փակման պատճառը եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի լուսանկարը, որ փակցուած էր ճաշարանին արտաքին պատին վրայ` շարք մը այլ լուսանկարներու կողքին:  

Հուփսի Ֆութպոլի Կրտսերներու Խումբը Աւարտեց Իր Բանակումը

2016-2017 տարեշրջանին Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեան հանդիսացած Հուփս ակումբը Սուրի մէջ աւարտեց իր եռօրեայ բանակումը: Այս բանակումին նպատակն է պատրաստուիլ Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 4 փետրուարին: Այս բանակումին ընթացքին Հուփս կատարեց ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում: Անիկա յաղթանակ մը արձանագրեց Թատամոն Սուրի դէմ (3-2), մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալիէն (1-0):

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Մարզաշխարհէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Մարզաշխարհէն

ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին կողմէ առաջադրուած են շարք մը թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ մէկը հաւանաբար նշանակուի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ: Այդ անուններն են` Փաթրիք Սապա, Ճօ Մուժահես, Մարուան Խալիլ եւ Ահմետ Ֆարրան: Լիթուանացի մարզիչ Ռամոնաս Փոթաութաս իր պայմանագրութիւնը խզեց ֆետերասիոնին հետ` իր վերջին երկու ամսականները չգանձելէ ետք (20 հազար ամերիկեան տոլար): Յայտնենք, որ Լիբանան շուտով պէտք է ունենայ...

«Լ՛Էքիփ»-ի 2017 Տարուան Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական պարբերաթերթը ներկայացուց 2017 տարուան ֆութպոլի խորհրդանշական հաւաքականը, որ ձեւաւորուեցաւ անոր կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքներուն լոյսին տակ: Անոր մասնակցեցան 150 հազար ընթերցողներ: Ստորեւ` այդ 11 մարզիկներուն ցանկը. ԲԵՐԴԱՊԱՀ.- Ճիանլուիճի Պիւֆոն (Եուվենթուս): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Տենի Ալվես (Եուվենթուս, Փարիզ Սեն Ժերմեն), Սերճիօ Ռամոս, Մարսելօ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Սամուէլ Ումթիթի (Պարսելոնա): ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Լուքա Մոտրիչ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Նկոլօ Քանթէ (Չելսի): ԿՈՂՄԻ...

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզի 17-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ: Լու Ուիլիամզ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 17-րդ յաղթանակը` 113-105 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լու Ուիլիամզ նշանակեց 33 կէտ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 127-110 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 24 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին: Նիւ Եորք Նիքս...

Էտեն Ազար` Պելճիքայի 2017 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լոնտոնեան Չելսիի միջնապահ Էտեն Ազար ճանչցուեցաւ իբրեւ Պելճիքայի 2017 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս արդիւնքը հրապարակեց Պելճիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` իրեն հասած բոլոր արդիւնքները համախմբելէ ետք: Երկրորդ հանդիսացաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Քեւին Տէ Պրույնէ, իսկ լաւագոյն եռեակը դարձեալ ամբողջացուց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող, Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու: 2017-ին 26 տարեկան Ազար, մասնակցեցաւ 52 մրցումի` նշանակելով 20 կոլ...

Ժիհատ Սալամէ` «Ռիփլէյ»-ի Այսօրուան Հիւրը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ այսօր` հինգշաբթի, 4 յունուարին, հիւրը կ՛ըլլայ «Ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին, որ պիտի պատկերասփռուի, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն` երեկոյեան ժամը 22:30-էն սկսեալ: Ան այսօր մարզական ընդհանուր նիւթի մը շուրջ խօսելէ բացի, պիտի կեդրոնանայ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նիւթին վրայ: Այս հարցազրոյցը պիտի վարէ Էլի Նասսար, որ իրեն օգնական պիտի...

Պարսելոնա Քութինիոյի Համար Պիտի Առաջարկէ 110 Միլիոն Եւրօ

Քաթալոնական Պարսելոնան մտադիր է շատ շուտով իր աւարտին հասցնել անգլիական Լիվըրփուլի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյի փոխանցումը` իր կազմին: Ըստ սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթին, 25 տարեկան պրազիլցիին փոխանցման համար Պարսելոնա պատրաստ է անոր ակումբին վճարելու 110 միլիոն եւրօ: Ասկէ բացի, Լիվըրփուլ կրնայ ստանալ նաեւ յաւելեալ 40 միլիոն եւրօ, եթէ պրազիլցին կարեւոր նուաճումը կատարէ Պարսայի հետ: Բնականաբար, վերջնական որոշում տուողը պիտի ըլլայ Լիվըրփուլ:...

Մեքսիքացի Իրաւարարը Մահացաւ` Ֆութպոլիստի Յարձակումին Պատճառով

Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը հաղորդեց, որ մեքսիքացի իրաւարար Խոսէ Վալտեմար Հեռնանտեզ Քափեթիլիօ մեքսիքական հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ ֆութպոլիստի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուելէ ետք: Ան նախորդ 24 դեկտեմբերին փոխադրուած էր հիւանդանոց` գլուխէն բաւական ծանր հարուածներ ստացած ըլլալուն պատճառով: Շուրջ մէկ շաբաթ մահաքունի մէջ մնալէ եւ մահուան դէմ պայքարելէ ետք, ան մահացաւ: Ֆութպոլիստը, որուն անունն է Միլթօ, դժգոհ մնալով անոր կողմէ իրեն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – ՀՄԸՄ Յետաձգուած Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումը` Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 3 յունուար 2018-ին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Շիահի դաշտին վրայ, իսկ անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Նշենք, որ ցարդ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին, ՀՄԸՄ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այլ Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրելով Շարունակեց Մնալ Ցարդ Անպարտելի Միակ Խումբը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այլ Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրելով Շարունակեց Մնալ Ցարդ Անպարտելի Միակ Խումբը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Անդրանիկ Պէյրութի: Երէկուան մրցումէն Այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները կը լսեն իրենց մարզիչին ցուցմունքները ՀՄԸՄ Անթիլիաս այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը`...

Արթուր Ալեքսանեան` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը. Մխիթարեան` Երկրորդ

Աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի քառակի ախոյեան, Ռիոյի ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ 2017 տարուան Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը, News.am-Sport-ի աւանդական, ամէն տարի կատարուող տարեվերջի հարցախոյզին արդիւնքին հիման վրայ: Այս տարի աշխարհի ախոյեան եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած Ալեքսանեան ստացաւ ձայներուն 35,7 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտուեցաւ, ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ, 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը: ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը Սակայն ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ կը մասնակցի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, 7-րդ եւ երթի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Հանդիսացաւ Երիտասարդներու Ախոյեան

Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նըժմէ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Թրիփոլիի դէմ: Նախքան իր արձանագրած այս վերջին յաղթանակը, Նըժմէ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը: Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցած այս մրցումէն ետք, Նըժմէ ախոյեանութեան իր այս տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն` ներկայութեամբ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալի: Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ...

Page 887 of 1278 1 … 886 887 888 … 1,278

Արխիւներ