Հրացանաձգութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Գոռ Խաչատրեան Հանդիսացաւ Երիտասարդներու Ախոյեան
Երէկ, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: Տղոց երիտասարդներու անհատական ախոյեանութեան 15 տարեկան Գոռ Խաչատրեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` ապահովելով 382 կէտ: 16 տարեկան Գոհար Յարութիւնեան թէեւ 549 կէտ ապահովելով գրաւեց 7-րդ դիրքը, սակայն անոր արձանագրած այս արդիւնքը նկատուեցաւ եւրոպական մրցանիշ` 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ: Նշենք, որ Հայաստանի աղջկանց խումբը, որուն մաս կը...

