Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆեներպահչէ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Կալաթասարայէն:
Մրցումին աւարտէն ետք Ֆեներպահչէի համակիրները հայհոյեցին իրենց ակումբին նախագահ` Ալի Քոչին, չկարենալով մարսել այս պարտութիւնը:
Իր կարգին, Ալի Քոչ չհանդուրժեց այդ հայհոյանքները եւ պատուոյ թրիպիւնէն վար ցատկելով յարձակեցաւ իր ակումբի համակիրներուն վրայ: