«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ութ ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:
Ուաշինկթընի մէջ Ուիզըրտծ, երկարաձգումէն ետք, 137-134 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Միլուոքի Պաքսէն: Այս վերջինը ցարդ կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ ապահոված է փլէյ-օֆի մրցումներու իր տոմսը:
Քրիս Միտըլթոն (Պաքս) նշանակեց 4
0 կէտ, մինչ Պրետլի Պիլ (Ուիզըրտծ)` 55:
Երկրորդ մրցումը, որ աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք, եղաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մայեմի Հիթ հանդիպումը` ի նպաստ հիւրընկալ կազմին` Քաւալիրզի, 125-119 արդիւնքով:
Եութա Ճեզ 131-111 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ֆէոնիքս Սանզէն: Տոնովան Միչել (Ճեզ) նշանակեց 38 կէտ:
Տալասի մէջ Մավըրիքս, 139-123 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մինեսոթա Վուլվզին: Այս վերջինէն Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 29 կէտ:
Հիուսթընի մէջ Ռոքեթց 123-112 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ: