Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի ծիրին մէջ կատարուեցան երկու մրցումներ:

Չելսի 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պայէրն Միւնիխէն, մինչ Պարսելոնա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նափոլիի դաշտին վրայ:
Չելսիէն կարմիր քարտ ստացաւ Մարքոս Ալոնսօ (83-րդ), մինչ Պարսելոնայէն` Արթուրօ Վիտալ (89-րդ):
Իսկ այսօրուան մրցումներուն Լիոն կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը, մինչ Ռէալ Մատրիտ` Մանչեսթըր Սիթին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):