Շաբաթասկիզբին Լիբանան ժամանեց Խրուաթիոյ թեքուանտոյի ազգային խումբը, որ շաբթուան մը տեւողութեամբ բանակում մը կատարեց Մոն լա Սալ ակումբին հետ:
Հիւր կազմին մէջ են բաւական անուանի մարզիկներ, որոնք միջազգային ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերուն տիրացած են տարբեր տեսակի մետալներու:
Լիբանան գտնուելուն առիթով, Խրուաթիոյ պատուիրակութիւնը նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէի եւ Մոն լա Սալի նախագահ ու միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէի հետ: