Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ կիրակի, 1 մարտին կը սկսի Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը` մասնակցութեամբ 16 խումբերու:
Կիրակի օր տեղի կ՛ունենան եօթը մրցումներ, մինչ վերջին մրցումը կը կատարուի երկուշաբթի, 2 մարտին:
Կիրակի օր տեղի կ՛ունենան նաեւ աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան, 7-րդ հանգրուանի մրցումները:
Իսկ, ուրբաթ, 28 եւ շաբաթ, 29 փետրուարին կը կատարուին աղջկանց 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումները: